2014-11-08 14:45:30

Քահանայապետական անուանումներ` գերապյածառ Փոլ Կալլակէրը նշանակուած է Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղար։


(Ռ.Վ. 8 նոյեմբեր 2014) Շաբաթ, 8 նոյեմբեր 2014-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը որպէս ''Պետութիւններու հետ միջ յարաբերութիւններու քարտուղար'' անուանեց գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակէրը որ մինչեւ օրս կը վարէր Աւստրալիայի հանրապետութեան մօտ առաքելական նուիրակի պաշտօնը։ Այս իր նոր պաշտօնին մէջ գերապայծառ Կալլակէր կը յաջորդէ գերապայծառ Տոմինիք Մամպերթիի որ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի հրամանով անուանուեցաւ Առաքելական բարձրագոյն ատեանի կառավարիչ, յաջորդելով Կարդինալ Ռայմոն Լէօ Պուրքին որ իր կարգին անուանուեցաւ Մալթայի Ասպետական կարգի գերիշխան։
Պետութիւններու հետ միջ յարաբերութիւններու նոր քարտուղար` վրացուն ամեայ գերապայծառ Փոլ Ռիչարտ Կալլակէրը, ծնած է Լիվէրփուլի մէջ։ Քահանայ ձեռնադրուած է 23 տարեկանին եւ եպիսկոպոսական օծումը ընդունած է 50 տարեկանին։ Ան ծառայութիւն մատուցած է որպէս սուրբ աթոռի դիւանագէտ` Թանզանիայի, Ուրուկուայի եւ Փիլիպեան կղզեխումբին մօտ։ 2000-ին անուանուեցաւ Սթրազպուրկի Եւոպական խորհուրդի մօտ Սուրբ Աթոռի մնայուն դէտ, 2004-ին Պուրունտիի մօտ առաքելական նուիրակ, 2009-ին Կուաթեմալայ ու 2012-էն ասդին Աւստրալիոյ մօտ առաքելական նուիրակ։








All the contents on this site are copyrighted ©.